Վասիլիս Մարակոս. «ԵՄ-ը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր դիտորդական առաքելութիւնը»

Սեպտեմբեր 1-ին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) դեսպան Վասիլիս Մարակոս՝ ի պատասխան «Ազատութիւն» լրասփիւռի հարցումին, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրութենէն ետք արդեօք սահմանին երրորդ ուժերու հեռացման հարց ծագա՞ծ է, նշած է, թէ ԵՄ-ը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ դիտորդական առաքելութիւնը իր լիազօրագրին հիման վրայ և սա պահուս որեւէ փոփոխութիւն անհրաժեշտ չէ։

“Որքան տեղեակ եմ՝ Հայաստանի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները կ՚ողջունեն ԵՄ-ի առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ։ Եթէ որեւէ փոփոխութիւն անհրաժեշտ ըլլայ, մենք այդ հարցը կը քննարկենք մեր անդամ պետութիւններուն եւ, ի հարկէ, Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ”,– յայտարարած է դեսպանը։