Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ

Յունիս 28-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։ 

Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահը Քուրպան պայրամը-ին առիթով, իսկ վերջինս շնորհաւորած է վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին կապակցութեամբ։    

Երկու ղեկավարները քննարկած են իրենց երկիրներու միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Այս համածիրին մէջ, կողմերը անդրադարձած են դիւանագիտական անցագրեր ունեցողներու եւ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար ցամաքային սահմանի բացման վերաբերեալ համաձայնութիւններու գործադրութեան վերաբերող աշխատանքներուն։