Օգոստոս 11-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Իրանի, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ։
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ զրոյցին՝ Հայաստանի վարչապետը ներկայացնելով Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները, շեշտադրած է այն կարելիութիւնները, զորս Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը պիտի բանայ տարածաշրջանին համար։
Փաշինեան ընդգծած է, թէ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիները պիտի գործեն երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան սկզբունքներու շրջանակին մէջ եւ փոխադարձութեան հիման վրայ։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի նախագահին՝ ուաշինկթընեան համաձայնութիւններուն շուրջ առարկայական գնահատականներով հանդէս գալուն համար եւ շեշտած Փեզեշքեանի՝ յառաջիկային Հայաստան կատարելիք այցին կարևորութիւնը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ զրոյցին՝ վարչապետ Փաշինեան համոզում յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը նոր կարելիութիւններու ճամբայ պիտի բանայ ոչ միայն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար։ Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու շփումները և քաղաքական երկխօսութիւնը։
Հայաստանի վարչապետը Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ զրոյցին ընդգծած է, թէ հաստատուած խաղաղութիւնը ներդրումային նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ տարածաշրջանի երկիրներուն համար։
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Մաքրոնին՝ վերջինիս շարունակական աջակցութեան համար։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հեռաձայնային զրոյցին քննարկուած են թէ՛ Ուաշինկթընի մէջ կայացած համաձայնութիւններու շուրջ բանակցութեանց արդիւնքները եւ թէ՛ Հայաստան-Թուրքիա երկկողմ օրակարգին առնչուող հարցեր։
Վարչապետը նշած է, թէ երկու երկիրներու միջեւ ցարդ գոյացած համաձայնութիւններու իրագործման համար այսօր մթնոլորտը աւելի քան երբեք նպաստաւոր է։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։