Վարչապետ Փաշինեան Սեպտեմբեր 25-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսաստան:
Ան մասնակցած է նոյն օրը իր աշխատանքները սկսած «Համաշխարհային հիւլէական շաբաթ» խորագրով համաժողովին, որու ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստան որոշած է կրկին երկարաձգել հիւլէական շահագործման պայմանաժամը մինչեւ 2036։
Վարչապետը նշած է, որ երկրին մէջ արտադրուող ելեկտրականութեան շուրջ 30%-ը կու գայ հիւլէակայանէն։
* * *
Փաշինեանի ժամանած օրը Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է։
Քանի մը տասնեակ ցուցարարներ պահանջած են ազատ արձակել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներ Բագրատ Գալստանեանն ու Միքայէլ Աջապահեանը։
Ցոյցին անդրադարձած են նաեւ ռուսական որոշ թելեկրամեան ալիքներ՝ առանց մանրամասնելու, թէ ո՞վ է ցոյցը կազմակերպողը։ ■