Վարչապետ Փաշինեան Գերմանիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջանակին մէջ հանդիպում ունեցած է երկրին վարչապետին՝ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։ Պերլինի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն ետք, երկու ղեկավարները ունեցած են գլուխ-գլխի զրոյց, որուն յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։
Ռազմավարական հռչակագիր
Այցելութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւնը դարձած է երկու երկիրներուն միջեւ «Երկկողմ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգ»-ի վերաբերեալ միացեալ հռչակագրին ստորագրութիւնը։ Վարչապետ Փաշինեան այցելութիւնը որակած է «պատմական»՝ շեշտելով, որ հայ-գերմանական յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն ռազմավարական նոր փուլ մը, որ հիմնուած է ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ։
Քննարկուած են առեւտրատնտեսական, կրթական եւ մշակութային համագործակցութեան հարցեր։ Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են յատկապէս «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոններու յաջողութիւնը Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։
Այցելութիւն Համպուրկ եւ տնտեսական ծրագրեր
Պաշտօնական այցի ծիրէն ներս, վարչապետը մեկնած է նաեւ Համպուրկ, ուր հանդիպում ունեցած է քաղաքապետ Փեթըր Չենչերի հետ։ Քննարկումներու առանցքը կազմած են տնտեսական եւ ներդրումային կապերու ընդլայնումը։
Վարչապետը յայտնած է, որ Համպուրկի նաւահանգիստը հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Գիւմրիի մէջ «չոր նաւահանգիստ» (port sec / dry port) ստեղծելու ծրագրին նկատմամբ։ Ան նաեւ անդրադարձած է վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին (արեգակնային ուժանիւթ եւ կանաչ ջրածին)՝ ընդգծելով գերմանական ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան եւ ուժանիւթի կուտակման կայաններու ստեղծման կարեւորութիւնը։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային զարգացումներուն, Փաշինեան նշած է Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան հաստատման պարագային ստեղծուելիք նոր տնտեսական կարելիութիւնները եւ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման ակնկալիքները։
Հանդիպում՝ Համպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ
Համպուրկի մէջ, Փաշինեան հանդիպում մը ունեցած է նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետը անդրադարձած է Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, տնտեսութեան զարգացման ընթացքին, «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան, եկեղեցւոյ վերանորոգման հրամայականին, Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ այլ նիւթերու: Վարչապետը պատասխանած է նաեւ ներկաներու հարցումներուն:
Փաշինեան մեկնած է Մոսկուա
Աւելցնենք, որ վարչապետը Դեկտեմբեր 11-ին ալ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած էր Մոսկուա։ Կը մասնակցէր Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի յաջորդական նիստին։ ■