Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Վարչապետի ձեւակերպումները որեւէ ձեւով չեն նպաստում կենսական այդ հիմնախնդիրների լուծմանը»

Մայր Աթոռի արձագանգը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 11-ի իր հարցազրոյցին ըսած էր, թէ՝ «ձեւաւորւում են պետութիւն-եկեղեցի նոր յարաբերութիւններ։ Այս ամէնի արդիւնքում, կարող է, ի վերջոյ, հնարաւորութիւն ստեղծուել, որ եկեղեցին զբաղուի իր բուն գործառոյթներով եւ աւելի համապարփակ անդրադառնայ հոգեւոր օրակարգին»։

Այս կապակցութեամբ News.am-ի հարցումին պատասխանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քահանայ Արթէնեան. “Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը բազմիցս տարբեր ձեւաչափերով անդրադարձ է ունեցել ներհասարակական բեւեռացուածութեանը եւ երկրում առկայ լարուածութեանը, ինչպէս եւ յորդորել է ամէն ջանք ի գործ դնել՝ ազգային կեանքում բաժանարար գծերը վերացնելու, ժողովրդի միասնականութեամբ երկրում տիրող մթնոլորտն առողջացնելու եւ ազգային բոլոր շրջանակների ներգրաւմամբ Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացած գոյաբանական, անվտանգային մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար”,– նշած է Եսայի քահանայ։

Ան յիշեցուցած է, որ վերջին անգամ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղուած նման յորդորով հանդէս եկած էր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը։ “Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցում արտայայտած մօտեցումները եւ ձեւակերպումները որեւէ ձեւով չեն նպաստում կենսական այդ հիմնախնդիրների լուծմանը։ Աւելին՝ առաձգական դատողութիւնների միջոցով, կարծես թէ, փորձ է արւում արդարացնել եւ անգամ նուիրագործել Եկեղեցու նկատմամբ իշխանութիւնների ժխտական դիրքորոշումը՝ այն քօղարկելով իբրեւ թէ «նոր յարաբերութիւններ» հասկացութեամբ”,– եզրակացուցած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէնը։ ■