Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ – Ազերպայճան դադրեցուցած է Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարումը

Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ Դեկտեմբեր 13-ի իրիկունը Ազերպայճան դադրեցուցած է Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարումը:

Եղանակային ցուրտ պայմաններուն մէջ երկնագոյն վառելիքի մատակարարման դադրեցումը մարդասիրական ու տնտեսական ահաբեկչութիւն է, որ հետեւողականօրէն կը գործէ Ազերպայճան՝ Արցախի խաղաղ բնակիչներուն դէմ:

Արցախի մէջ որոշուած էր յաջորդ օրէն՝ Դեկտեմբեր 14-էն առժամաբար դադրեցնել կրթական այն հաստատութիւններու աշխատանքը, որոնք կը ջեռուցուին կազով, վառելիքի խնայողութեան նպատակով

Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Դեկտեմբեր 13-ին դիմած է միջազգային հանրութեան՝ Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտը կանխելու համար: