Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԻԵՆՆԱ. Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ բանագնացներուն հանդիպումը

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ, յաջորդաբար՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ, Մայիս 3-ին հանդիպում ունեցած են Վիեննայի մէջ։ Լուրը հաղորդած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։

Կողմերը վերահաստատած են այս գործընթացին միջոցով երկու երկիրներու միջեւ ամբողջական կարգաւորման հասնելու իրենց նպատակը։ Անոնք համաձայնած են առանց նախապայմանի շարունակել աշխատանքը։