Ապրիլ 12-ին, Վիէնի Հայ մշակոյթի տունը կազմակերպեց երեկոյթ մը՝ նուիրուած Արցախի ժողովուրդի ապագային: Ֆրետերիք Թոնոլիի «Հայաստան, լեռներու արիւնը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդեց զրոյց մը արուեստագէտին, Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի, եւ Արցախի Աջակցութեան Միութեան ներկայացուցիչ Իտա Գըրքպէշեանի հետ:
Նոյն օրը ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Վիէնի քաղաքապետարանին մէջ, քաղաքապետ Թիէրի Քովաքսի հրաւէրով:
Վերջինս վերահաստատեց Վիէն քաղաքի աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ արդարութեան սկզբունքներուն՝ պաշտպանելով Արցախի դատը:
Աւարտին, Յովհաննէս Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն ըսելով. «Երբ դուք չէք մոռնար Արցախը, կը զօրացնէք Հայաստանը»:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։