Փետրուար 27-ին, երիտասարդական միութեան կողմէ, Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղին մէջ կազմակերպուած է նկարներու ցուցահանդէս՝ նուիրուած Սումկայիթի, Պաքուի եւ Մարաղայի ջարդերուն։
Լուրը հաղորդած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, Դիմագիրքի իր էջով։
Ցուցադրութեան նախորդած է միութեան նախաձեռնած իրազեկումի երթը՝ դէպի ցուցադրութեան վայր։