Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Թիֆլիսի մէջ նշուած է ազգային բարերար Ալ. Մանթաշեանցի ծննդեան 180-ամեակը

Հայ նշանաւոր գործարար եւ ազգային բարերար «քարիւղի արքայ» Ալեքսանդր Մանթաշեանցի ծննդեան 180-ամեակին առիթով, Մարտ 3-ին հայորդիներ համախմբուած են Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ բակը տեղադրուած՝ մեծ բարերարի խորհրդանշական շիրիմ-տապանաքարին շուրջ, ուր կը գտնուի նաեւ հայրենասիրութեան և ժողովրդասիրութեան նուիրեալին կիսանդրին:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի օրհնութեամբ, Սամուէլ քհնյ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ եւ  հոգեւորականաց ու սարկաւագաց դասին մասնակցութեամբ,  հոգեհանգստեան  պաշտօն կատարուած է՝ Մանթաշեանցի հոգիի խաղաղութեան համար:

Քահանայ հայրը  անդրադարձած է  բարերարին կեանքին ու գործունէութեան, վերյիշած է ա՛յն բարեգործութիւնները, զորս սրտի թելադրանքով և իմաստուն հեռատեսութեամբ իրագործած է մեծ հովանաւորը: “Առաջնորդուելով կրթութեան, լուսաւորութեան, մշակոյթի զարգացման կարեւորութեամբ, ան ապահոված է շնորհալի  երիտասարդներու կրթութիւնն ու յառաջընթացը, այդպէսով  կանաչ ճամբայ բանալով մեր երկրին զարգացման ու ծաղկումին համար: Մանթաշեանց կ՚ապրէր բարութիւն սերմանելով ու բարեգործութիւն տարածելով”,– նշած է Սամուէլ քհնյ Թորոսեան։

Խունկ ծխելէ եւ աղօթելէ ետք, ներկաները ծաղիկներ զետեղած են բարերարի կիսանդրիին  պատուանդանին, ոգեկոչելով  ո՛չ միայն Վիրահայութեան, այլեւ  հայ աշխարհասփիւռ զաւակներուն հպարտութիւնը հանդիսացող, մարդասիրութեան իրական կերպար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի յիշատակը: