Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Սայեաթ-Նովային նուիրուած «Վարդատօն»-ը ծայր առած է «Երգարան»-ի շնորհահանդէսով

Մայիս 28-ին, Թիֆլիսի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ Սայեաթ-Նովային նուիրուած աւանդական «Վարդատօն»-ը ծայր առած է անմահ աշուղի 300-ամեակին նուիրուած «Երգարան»-ի շնորհահանդէսով: Ներկայ եղած է երգիչ-մանկավարժ, Երեւանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Մուշեղ Յարութիւնեան: Վերջինս անսալով իր հոգիի կանչին՝ կազմած էր Սայեաթ-Նովայի «Երգարան»-ը, որ արդէն ներկայացուած է հանրութեան: Երգարանը կ՚ընդգրկէ աշուղի տաղերէն 28-ը, որոնցմէ  երկուքը՝ նաեւ վրացերէն տարբերակով:

«Երգարան»-ի շնորհահանդէսին մասնակցած է նաեւ Երեւանի աշուղական-ազգագրական երգի «Հայի կանչ» համոյթը, որ Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ կազմուած է Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի ուսանողներէն եւ «Ռոմանոս Մելիքեան» երաժշտական  ուսումնարանի սաներէն:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են արուեստագէտներ եւ Սայեաթ-Նովայի երգի սիրահարներ, որոնք ունկնդրած են աշուղի արդիական տաղերը՝ շնորհաշատ  մեներգիչներու կատարողութեամբ եւ ժողովրդական գործիքներու նուագակցութեամբ։

Ի յիշատակ այդ գեղեցիկ օրուան, ներկաները ստացած են Մուշեղ Յարութիւնեանի մակագրած «Երգարան»-ը։