Փետրուար 24-ին, Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեանի, պատարագ մատուցուած է՝ Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակի օրուան առիթով:
Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուած են հոգեւոր և սարկաւագաց դասը, թիֆլիսահայ մտաւորականներ, հաւատացեալներ: Օրուան պատարագիչ Վիրապ քահանայ Ղազարեան եւ հոգեւոր սպասաւորները աղօթք բարձրացուցած են առաջնորդանիստ տաճարի Սրբոց Վարդանանց անունը կրող խորանին մէջ: Յընթացս պատարագի կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ՝ «Վասն համօրէն ննջեցելոց ազգիս Հայոց»:
Տէր Վիրապ յաւուր պատշաճի քարոզած է հերոս զօրավարներու և անոնց զինակիցներու մասին, որոնք պայքարած են յանուն հաւատքի և հայրենիքի: Հոգևոր հայրը յորդորած է հաւատարիմ մնալ Սրբոց Ղևոնդեանց և Սրբոց Վարդանանց յիշատակին ու ժառանգութեան:
Օրհնելով ներկաներն ու հոգեւոր դասը, Վիրահայոց թեմի առաջնորդը անդրադարձած է Ուքրաինայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, որոնք մահ ու աւերածութիւն կը սփռեն շուրջբոլորը: Հայր Սուրբը ներկաներուն յորդորած է ներկայ գտնուիլ եկեղեցիներու բոլոր ծիսակատարութիւններուն, ուր կը քարոզուին ու կը տարածուին հայրենիքը պաշտպանելու, ազգայինը պահպանելու, հաւատքին հաւատարիմ մնալու գաղափարները:
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով պատարագ մատուցուած է Վիրահայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: