Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎՐԱՍՏԱՆ. Վիրահայերու բողոքի ցոյցը՝  «Գորշ գայլեր» ցեղապաշտ խմբաւորման քարոզչութեան դէմ

Ապրիլ 30-ին, Վրաստանի Հայ Համայնքի խումբ մը անդամներ «Եւրոպական Վրաստան» կուսակցութեան կեդրոնին դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպած են՝ ընդդէմ այդ նոյն կուսակցութեան Մառնէուլիի գրասենեակի ղեկավար և քաղաքապետի թեկնածու Ահմէտ Իմամքուլուի, որ Ապրիլ 24-ին ընկերային ցանցի իր էջին հրապարակած էր ցեղապաշտ, ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր»-ու նշանով լուսանկար մը։ Լուրը հաղորդած է Jnews կայքը։ 

Հայ ցուցարարները վրացերէն եւ անգլերէն լեզուներով կարդացած են «Վրաստանի հայ համայնք»-ի յայտարարութիւնը։ Անոնք նշեալ կուսակցութեան ղեկավարութենէն պահանջած են անպատիժ չթողուլ իրենց կուսակիցին արարքները։