Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Տէր Զօր ուղեւորութիւն՝ ի հաստատումն ուխտի եւ պահանջատիրութեան

Ապրիլ 21-ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպիսկ․ Զօպուեան հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Սուրիոյ տարբեր նահանգներէն ժամանած ազգային պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, այցելած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիր, որ հիմնովին քանդուած էր 2014 Սեպտեմբեր 21-ին, թրքական հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռամբ։ Այցելութեան նպատակն էր վերահաստատել հայութեան ուխտը եւ պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբ ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի վերականգնումի աշխատանքներուն սատարել։

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդն ու ազգային պատուիրակութիւնը Տէր Զօրի մէջ դիմաւորուած են պետական աւագանիին եւ սուրիական ապահովական ուժերուն կողմէ։ Այնուհետեւ նահանգապետարան այցելութենէն ետք, ուխտաւորները ուղղուած են Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի դահլիճը, ուր պատարագ մատուցուած է Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի ձեռամբ։

Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր առցանց պատգամը յղելով ուխտաւորներուն յայտնած է․

“Ո՞վ կրնայ Տէր Զօր անունը դուրս հանել իւրաքանչիւր Հայու կեանքէն։ Ո՞վ կրնայ սրբել Տէր Զօր անունը հայութեան հաւաքական յիշողութենէն։ Ո՞վ կրնայ ջնջել արիւնաթաթախ այս բառը Հայոց ժամանակակից պատմութեան արիւնոտ էջերէն։ Տարիներ առաջ Տէր Զօրը դարձեալ ենթարկուեցաւ նոյն ցեղասպանին ոճրագործ արարքին։

Եկէ՛ք Տէր Զօր, սիրելի՛ հայորդիներ, տեսնելու համար, որ դարձեալ Թուրքն է անցած մէկուկէս միլիոն մեր սրբացեալ նահատակներու արիւնով շաղախուած այս սրբավայրէն եւ հոն ձգած սարսափ ու մահ, աւեր ու չարիք։ Բայց մենք դարձեալ, Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին ու պետութեան զօրակցութեամբ եւ համազգային ճիգով պիտի վերաշինենք Տէր Զօրը, Հայոց համազգային ուխտատեղին, ազգային պահանջատիրական պայքարին հիմքը, նոր սերունդներու ներշնչման աղբիւրը, մեր ազգի յաղթանակի ճանապարհը”։

Իր առցանց պատգամը յղած է նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան․

“Այսօր կրկին մթագնած է Հայոց երկնակամարը. թրքական ու ազերպայճանական աքցանի մէջ առնուած է մեր հայրենիքը, վտանգուած են Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները. մարտահրաւէրները բազմաթիւ են եւ ճնշող. սակայն վհատողը չենք. ընդհակառակն՝ թող համայն աշխարհն իմանայ, որ Տէր Զօրէն վերապրողներու մնացորդացի պողպատեայ վճռակամութեամբ վերազինած ենք մեր պայքարի հաւաքական կամքը:

Ապագան կերտելու համար պարտինք ամրապնդել մեր հաւաքական յիշողութիւնը, որպէսզի այսքան չարիք չմոռնան մեր ժողովուրդն ու գալիք սերունդները։ Այդ յիշողութեան կարեւորագոյն վկայարաններէն է այս կառոյցը, որուն առջեւ կը վերանորոգենք մեր ուխտը”:

Ազգ․ վարչութեան ատենապետ մէթր Սումպուլ Սումպուլեան խօսք առնելով նկարագրած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ահաւոր աւերներն ու վերյիշած Վիքթոր Հիւկոյի հետեւեալ խօսքը․ «Հոսկէ Թուրքեր անցած են»։

Ան շեշտած է, որ Տէր Զօրի յուշահամալիրը քանդեցին՝ ջնջելու հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն պատմական յիշողութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան վկայարանը, սակայն մենք Տէր Զօրէն կը յայտարարենք, որ պիտի շարունակենք պահանջատէր մնալ։

Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը խորհրդանշական յուշանուէրով մը պարգեւատրած է Տէր Զօրի հայրենական պաշտպանութեան ուժերու ղեկավարը։

Նշենք, թէ պատարագին ներկայ եղած են հայկական եւ տեղական լրասփիւռներ։

Քաղուած՝ «Գանձասար»-էն