Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Տնտեսական ազատութեան համաշխարհային աղիւսակին մէջ Հայաստան բարձրացած է 11-րդ տեղը

 

“Fraser Institute” վերլուծական կեդրոնը Սեպտեմբեր 8-ին հրապարակած է «Համաշխարհային տնտեսական ազատութիւն» (“Economic Freedom of the World”) տարեկան հետազօտութեան արդիւնքները՝ աշխարհի 165 երկիրներուն մէջ տնտեսական ազատութեան եւ գործարարութիւն ծաւալելու դիւրութեան աստիճանի վերաբերեալ:

Հայաստան այս հետազօտութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը գրաւէ 11-րդ տեղը՝ առաւելագոյն 10-ի վրայ ստացած ըլլալով 7,84 միաւոր։ Յետխորհրդային տարածքին մէջ Հայաստանին կը գերազանցէ միայն Էստոնիան։

Տարածաշրջանի այլ երկիրներէն Վրաստան կը գրաւէ աղիւսակին 15-րդ տեղը, Ռուսաստան` 94-րդ, Թուրքիա` 112-րդ, Ազերպայճան` 119-րդ, Իրան` 159-րդ տեղը: