Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան՝ նախագահ Էրտողանին կոչ ուղղած է պատասխանատւութիւն ստանձնելու՝ Ազերպայճանցիներու կողմէ Արցախի շրջափակման վերջ տալու ուղղութեամբ՝ ընդգծելով, որ ժամ առաջ պէտք է վերջ դրուի այդ շրջափակման:
Ան Դիմագիրքի իր էջին գրած է.
«Բերձորի միջանցքը, որ Արցախը Հայաստանին միացնող հաղորդակցութեան միակ ճամբան է, իրենք զիրենք «բնապահ» համարող խումբ մը Ազերիներու եւ Ազերպայճանի պաշտպանութեան պաշտօնեաներու կողմէ փակուած է, եւ այդ պատճառով Արցախի մէջ սնունդի, դեղի, հիմնական կարիքները ապահովելու տագնապը հետզհետէ կ՚աւելնայ։ Արցախի 120 հազար հայ բնակչութիւնը շրջափակման մէջ է։ Մարդկային տագնապի վերածուող այս շրջափակման ժամ առաջ պէտք է վերջ տրուի»:
Երեսփոխանը շեշտած է, որ այս կացութեան հանդէպ Թուրքիա պէտք չէ անտարբեր մնայ։ Քաղաքական ուժերը պէտք է անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկեն։ «Արցախի շրջափակման վերջ տալու ուղղութեամբ պատասխանատւութիւն ստանձնելու կոչ կ՚ուղղեմ նախագահ Էրտողանին»,– նշած է Փայլան: