Փաշինեան իր կարծիքը ներկայացուցած է Վաղարշապատի մէջ «ՔՊ»-ի յաղթանակին մասին

Հայաս­տա­նի վար­չա­պետ, իշ­խա­նու­թեան «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» (ՔՊ) կու­սակցու­թեան վար­չութեան նա­խագահ Նի­կոլ Փա­շինեան անդրա­դար­ձած է քննար­կումնե­րուն ըն­թացքին, թէ ին­չո՞ւ «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թիւնը յաղ­թեց, իսկ ընդդի­մու­թիւնը պար­տուեցաւ Վա­ղար­շա­պատ խո­շորա­ցուած հա­մայնքի աւա­գանիի ընտրու­թիւննե­րուն։

Փա­շինեան նիւ­թին անդրա­դար­ձած է Դի­մագիր­քի իր էջին վրայ հրա­պարա­կուած տե­սանիւ­թի մը մէջ։

Հի­մա շատ կը քննար­կուի, թէ ին­չո՞ւ «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թիւնը յաղ­թեց, իսկ ընդդի­մու­թիւնը պար­տուեցաւ Վա­ղար­շա­պատի ընտրու­թիւննե­րուն։ Ասոր հա­մար կայ մէկ ընդհա­նուր պատ­ճառ. որով­հե­տեւ ընդդի­մու­թիւնը կը խօ­սէր ապո­քալիփ­սի­սի, իսկ «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր»-ը՝ կեան­քի մա­սին, եւ մար­դիկ պար­զա­պէս ընտրե­ցին կեան­քը, մար­դիկ պար­զա­պէս կ՚ընտրեն կեան­քը։ Իմ հա­մեստ կար­ծի­քով՝ այդպէս պի­տի ըլ­լայ նաեւ 2026-ի խորհրդա­րանա­կան ընտրու­թիւննե­րուն, որով­հե­տեւ մենք միասին դառն փոր­ձութիւննե­րու ընդմէ­ջէն անցնե­լով՝ ապո­քալիփ­սի­սը ձգած ենք ան­ցեալին մէջ, եւ այ­սօր ու վա­ղը մեր առ­ջեւ մի՛այն կեանքն է,– ըսած է վար­չա­պետը տե­սանիւ­թին մէջ։

Յի­շեց­նենք, որ Վա­ղար­շա­պատ խո­շորա­ցուած հա­մայնքի աւա­գանիի ընտրու­թիւննե­րուն վերջնա­կան բայց դեռ ոչպաշ­տօ­նական ար­դիւնքնե­րուն հա­մաձայն «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» կու­սակցու­թիւնը վստահ յաղ­թա­նակ տօ­նած է՝ ստա­նալով 15 298 ձայն։ Երկրորդ դիր­քի վրայ հա­սած է «Յաղ­թա­նակ» դա­շին­քը, որ ստա­ցած է 10 051 ձայն։ Նուազա­գոյն շե­մը յաղ­թա­հարած է նաեւ «Մայր Հա­յաս­տան» կու­սակցու­թիւնը, որ ստա­ցած է 1 692 ձայն։

Իր ստա­ցած ձայ­նե­րուն շնոր­հիւ «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր»-ը պի­տի կա­րենայ Վա­ղար­շա­պատի խո­շորա­ցուած հա­մայնքին մէջ առան­ձինն իշ­խա­նու­թիւն ձե­ւաւո­րել։