Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 15-ին Կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Պելճիքայի թագուհի Մաթիլտը։
Վարչապետը ողջունած է թագուհիին այցելութիւնը Հայաստան եւ յոյս յայտնեց, որ ան մեր երկրէն ջերմ տպաւորութիւններ պիտի ստանայ։ Փաշինեան ընդգծած է հիւրին առաջնորդ դերը՝ որպէս ՄԱԿ—ի Կայուն Զարգացման Նպատակներու ջատագով եւ աւելցուցած, որ Հայաստան հետեւողական քայլեր կ՚առնէ «2030 Օրակարգ»-ի* շրջանակին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները լաւագոյնս կեանքի կոչելու համար։
Մաթիլտ թագուհի շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ նշած, որ տպաւորուած է Հայաստանէն։ Ան կարեւոր գնահատած է ՄԱԿ—ի Կայուն Զարգացման Նպատակներու պաշտպանութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ միջոցառումներու իրականացումը։ Այս համածիրին մէջ, երկու կողմերն ալ շեշտը դրին ներառական եւ որակեալ կրթութեան կարեւորութեան վրայ՝ Կայուն Զարգացման Նպատակներուն հասնելու համար։
Անդրադարձ կատարուաւծ է նաեւ հասարակութեան մէջ կիներու դերին հզօրացման հարցին եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն։
Մտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման ուղղուած ջանքերուն շուրջ։
___
(*) «2030 Օրակարգը» ՄԱԿ—ի կողմէ 2015-ին ընդունուած՝ գործողութիւններու համապարփակ ծրագիր է, որու պաշտօնական անուանումն է՝ «Փոխակերպենք մեր աշխարհը. կայուն զարգացման օրակարգ մինչեւ 2030 թուականը»։