Վարչապետ Փաշինեանի գնահատումով՝ երկրին մէջ այս պահուն հոգեւոր նորոգման գործընթաց մը տեղի կ՚ունենայ։ “Իմ հոգեւոր կեանքս այսօր լիարժէք վերականգնուած է, որովհետեւ ես այսօր չեմ երթար պատարագներու՝ որպէս վարչապետ, ես կ՚երթամ՝ որպէս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շարքային հետեւորդ։ Ապահոգեւորականութեան մթնոլորտը, որ կար, շատ մեծ արգելք էր, հիմա այդ արգելքը յաղթահարուած է, ամենամեծ խնդիրը լուծուած է”, – ըսած է Փաշինեան։
Վարչապետին համաձայն՝ Մայր Աթոռի ազատագրման գործընթացը սկսած է, կ՚ընթանայ եւ անխուսափելիօրէն պիտի հասնի նպատակին։