Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Փաստագրելով յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները»

Առժամեայ նոր ցուցադրութիւն՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ

Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) յարկին տակ տեղի ունեցած է «Փաստագրելով յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները» խորագրեալ առժամեայ ցուցադրութեան բացումը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան, Նետերլանտներու, Չեխիոյ, Լեհաստանի, Ռուսաստանի դեսպանութեանց ներկայացուցիչներ, Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Արարատ քահանայ Պօղոսեան, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան, թանգարաններու տնօրէններ, հոգեւոր հայրեր եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհի Էդիտա Գզոյեան եւ ներկայացուցած ցուցադրութեան նիւթին կարեւորութիւնը, բովանդակութիւնը, նշանակութիւնը եւ առանձնայատկութիւնները: Ան իր խօսքին մէջ նշած է. “Մերժումի, ժխտումի եւ մեր շուրջ տեղի ունեցող յանցագործութիւններու այս ժամանակաշրջանին անոնց թողած վկայութիւնները կը յիշեցնեն, որ փաստագրումը թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ պատմական պարտաւորութիւն է”: Գզոյեան՝ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողներու յուշերէն տպաւորիչ եւ յուզիչ դրուագներ պատմած է:

Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 2026 Ապրիլ: