Սեպտեմբեր 5-ին, Փարիզ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Պաշտպանութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլա Ռոշի հետ։
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ յատկապէս անվտանգութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Արմէն Գրիգորեան ներկայացուցած է ուաշինկթընեան համաձայնութիւնները տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ՝ ընդգծելով, թէ պիտի ստեղծուին տնտեսական լայն կարելիութիւններ թէ՛ տարածաշրջանի եւ թէ՛ արտատարածաշրջանային երկիրներուն համար:
Հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացած է սահմանակարգելու երկու երկիրներու գրասենեակներուն միջեւ առկայ կապերը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։