ՓԱՐԻԶ – Երբ Ֆրանսայի ներքին քաղաքականութիւնը ուղղակի կ՚ազդէ հայկական օրակարգին վրայ

Պիւրքլի (աջէն չորրորդը) եւ Կէօվճեան՝ (ճիշդ դիմացը) Տաթիի (ձախէն երկրորդը) հետ նոյն սեղանը

Օրեր առաջ յայտարարուած էր, թէ կազմակերպութեամբ Փարիզի Հայ մշակոյթի տան եւ հիւրընկալութեամբ Փարիզ 9-րդի թաղապետարանին, տեղի պիտի ունենայ Հիլտա ԳալֆայեանՓանոսեանի՝ «Արդարները Հայոց ցեղասպանութեան դիմաց» (« Les Justes face au Génocide des Arméniens »)  հատորին հրատարակութեան առթիւ ներկայացումվիճարկում մը Նոյեմբեր 18-ին, մասնակցութեամբ հայ եւ թուրք բանախօսներու։ 

Բանն այն է, որ ձեռնարկին ծանուցման առաջին օրերէն ետք հետզհետէ յստակացաւ Փարիզ 9-րդի քաղաքապետուհիին՝ Տելֆին Պիւրքլիի եւ իր կազմին բացարձակ աջակցութիւնը Փարիզի քաղաքապետութեան թեկնածու Ռաշիտա Տաթիին, որ ինչպէս ծանօթ է Ազերպայճանի գլխաւոր նեցուկն է Ֆրանսայիմէջ։

Հարկ է նշել, որ այս բացասական տուեալին վրայ աւելցաւ նաեւ խնդրայարոյց լուսանկար մը, ուր թաղապետ Պիւրքլի եւ իր կցորդը՝ Ալեքսի Կէօվճեան կ՚երեւէին Ռաշիտա Տաթիի հետ նոյն սուրճի սեղանին։ Այս բոլորէն ետք՝ հայկական ճակատին վրայ բաւական աղմուկ բարձրացեր էր նշեալ ձեռնարկը ջնջելու պահանջով։ Փարիզի Հայ մշակոյթի տունը տեղի տալով այս ճնշումներուն՝ կը յայտարարէ, թէ ջնջուած է նախատեսուած հանդիպումը։

Ստորեւ, Հայ մշակոյթի տան այս մասին յայտարարութիւնը

«Տիկին Հիլտա ԳալֆայեանՓանոսեանի «Արդարները Հայոց ցեղասպանութեան դիմաց» (« Les Justes face au Génocide des Arméniens ») գիրքին հրատարակութեան առթիւ, Փարիզի Հայ մշակոյթի տունը որոշած էր կազմակերպել ներկայացումվիճարկում մը՝ համախմբելով հայ եւ թուրք բանախօսներ, յարգանքի տուրք մատուցելու համար այն քաջարի այրերուն եւ կիներուն, որոնք իրենց կեանքին գնով հայեր փրկած են 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնք կը շարունակեն պաշտպանել իրենց յիշատակը։

Ամառուընէ առաջ, 9-րդի թաղապետարանին կողմէ կազմակերպուող՝ Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներու շրջանակին մէջ, ի՞նչ կրնար ըլլալ աւելի բնական, քան ներկայացնել գիրք մը, որ կը յիշատակէ թուրք արդարներու դերը։ Համախոհութիւն վայելող նիւթ մը, որ քաղաքականապէս ոչ մէկ կողմ յանձնառու կը դարձնէր, այլ առիթ մըն էր միասնաբար գործելու յանուն յիշողութեան եւ ճանաչման։ Այս երեկոյթը տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ Նոյեմբեր 18-ին, 9-րդի թաղապետարանին մէջ։ 9-րդի թաղապետարանը միշտ ցոյց տուած է մտերիմ վերաբերում հայերուն՝ ոգեկոչելով 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, կոչելով հրապարակներ՝ թաղամասի կեանքն ու պատմութիւնը դրոշմած հայ անհատականութիւններու անուններով։

Սակայն, հանգամանքները փոխուեցան քանի մը օր առաջ 9-րդի թաղապետին կողմէ հրապարակային յայտարարութեամբ, թէ ինք կաջակցի Փարիզի քաղաքապետի թեկնածու Ռաշիտա Տաթիին։ Ռաշիտա Տաթին ըլլալով թեկնածու մը, որ գործուն կերպով կաջակցի Ազերպայճանին եւ Ֆրանսայի մէջ անոր քարոզչութիւնը կ՚ընէ, մենք այլեւս չէինք կրնար հանգիստ խղճով կազմակերպել այս ձեռնարկը եւ հետեւաբար որոշեցինք ջնջել Նոյեմբեր 18-ի այս երեկոյթը։

Փարիզ, Նոյեմբեր 11»