Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչումը՝ վարչապետ Պայրուի ներկայութեամբ

Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ CCAF-ի կազմակերպած փարիզեան ոգեկոչման արարողութեան՝ ֆրանսական իշխանութիւնները բարձրագոյն մակարդակով կը ներկայացնէր վարչապետ Ֆրանսուա Պայրու՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին, որոնք համախմբուած էին մայրաքաղաքիս 8-րդ թաղամասը գտնուող «Երեւանի պարտէզ»-ին մէջ տեղադրուած Կոմիտաս Վարդապետի արձանին առջեւ։

Ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք յաջորդաբար ելոյթ ունեցան CCAF-ի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան, որոնց յաջորդեց Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ եւ հուսկ՝ Ֆրանսայի վարչապետը։ Վերջինս իր խօսքին մէջ մէջբերելով Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն մէկը, անդրադարձաւ Կոմիտաս Վարդապետի անցած քարքարոտ ճանապարհին՝ 1915 Ապրիլ 24-ի գիշերը, Միջագետքի անապատին մէջ քալելը, 1,5 միլիոն զոհերը…: “Բայց հայ ժողովուրդը չբնաջնջուեցաւ. բնաջնջելի չէ ան”,– ըսաւ վարչապետը, յիշեցնելով որ վերապրողները փրկուեցան շնորհիւ՝ կա՛մ հրահանգներուն չանսացող թուրք պաշտօնատարի մը, կա՛մ խղճի տէր քիւրտի մը, եզդիի մը… եզրակացնելու համար մարդկութեան, մարդասիրութեան կարեւոր ազդակը։ Ան յիշատակեց վերապրողներէն Մանուշեանը, Միշէլ Լըկրանը, Շառլ Ազնաւուրը:

“Այժմ, երբ ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանչցուած է Ֆրանսայի մէջ, պէտք է զայն ուսուցանել ամէնուրեք եւ պայքարիլ վերատեսութեան ենթարկելու բոլոր ձեւերուն դէմ: Այս պայքարին մէջ Ֆրանսա միշտ պիտի կանգնի հայերուն կողքին, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ գործել Հարաւային Կովկասի մէջ՝ յարգելով երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը”,– ըսաւ ան եւ մաղթեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի «առանց յապաղումի» եւ ուղեկցուի գերիներու ազատ արձակումով։

Ֆրանսուա Պայրու վերահաստատեց, որ Ֆրանսա վճռական է ամրապնդելու Հայաստանի հետ իր համագործակցութիւնը, յատկապէս Պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ:

Արարողութեան աւարտին ծայր առաւ աւանդական երթը՝ բազմաթիւ ֆրանսահայերու մասնակցութեամբ։ Երթին մասնակիցները կը կրէին հայկական դրօշներ, Հայ դատին պաշտպան կանգնելու, Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիները ազատ արձակելու կոչեր, պահանջատիրական արձանագրութիւններ բովանդակող ցուցատախտակներ։ Երթի ընթացքին հրկիզուեցան Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ դրօշները։