Ապրիլ 23-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեանի, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահ Արա Թորանեանի, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի եւ Ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու միութեան (ANACRA) ղեկավարներու գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաև բազմաթիւ խորհրդարանականներու, Փարիզեան շրջանի քաղաքապետերու, Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած օտար երկիրներու դեսպաններու եւ հարիւրաւոր Հայերու ու Ֆրանսացիներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երթ դէպի Փարիզի Յաղթանակի կամարը, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ պետական քանի մը տասնեակ հաստատութիւններու, պաշտօնեաներու և հասարակական կազմակերպութիւններու անունով։
Այնուհետեւ Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նուագախումբին կատարողութեամբ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի փառերգերու հնչիւններուն ներքոյ, տեղի ունեցաւ Անծանօթ զինուորի շիրիմին անմար կրակի արծարծման արարողութիւնը, ձեռամբ տիկին Տոլմաջեանի:
Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: