Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փարիզի մէջ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսարանը պայթուցիկներով յարձակման ենթարկուած է

Մայիս 12-ին, Փարիզի մէջ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոսարանը յարձակման ենթարկուած է անծանօթներու կողմէ, որոնք երկու պայթուցիկ նետած են դիւանագիտական ներկայացուցչութեան ուղղութեամբ։ 

Պայթումներու հետեւանքով կոտրած են հիւպատոսարանի ապակիները, վնասուած՝ պատերը։ Զոհեր և վիրաւորներ չկան։

Ըստ թրքական աղբիւրներու՝ յարձակումը ստանձնած են քրտական ՓՔՔ-ի առնչուած շրջանակներ։