ՌԻԱ Նովոսթիի համաձայն՝ Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ արձագանգելով վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան, ընդգծած է, թէ Արցախի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահները ՄԱԿ-ի լիազօրագրով օժտելու համար անհրաժեշտ է Հայաստանի, բայց նա՛ եւ Ազերպայճանի համաձայնութիւնը։
“Միջազգային խաղաղապահներ կրնան ներգրաւուիլ, եթէ հակամարտութեան երկու կողմերը համաձայն ըլլան, այսինքն ոչ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ Ազերպայճանը։ Հայաստան մեր ամէնէն մօտ դաշնակիցներէն է, Ազերպայճանն ալ մեզի համար շատ արժէքաւոր գործընկեր մըն է”,– ըսած է Փեսքով։