Ազերպայճանի բանակին կողմէ Արցախի դէմ 2020 Սեպտեմբեր 27-էն սանձազերծուած՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով զուգորդուած պատերազմի հանգամանքները քննելու համար, Արցախի իրաւապահ մարմիններու կողմէ յարուցուած են շարք մը քրէական գործեր, որոնց շրջանակին մէջ նախաքննական մարմինին կողմէ առգրաւուած են բազմաթիւ չպայթած արկեր ու արկերու մնացորդներ, նշանակուած են փորձաքննութիւններ:
Ինչպէս յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան դատախազութենէն՝ քննչական կոմիտէի քննիչը փորձաքննութեան ներկայացուցած էր նաեւ Արցախի Մարտունի քաղաքի վարչական տարածքին մէջ յայտնաբերուած՝ չպայթած հրթիռը եւ անկէ ստացուած նմուշները: Անկախ փորձագիտական խումբին կատարած հետազօտութեան եզրակացութենէն (եզրակացութիւնը ստացուած է 2022 Դեկտեմբեր 7-ին) կը պարզուի, որ այդ հրթիռը սպիտակ ֆոսֆորէ բաղկացած ռազմամթերք է:
Ռազմամթերքի յայտնաբերման, վնասազերծման եւ նմուշներու քննութեան գործողութիւնը կատարուած է մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ամրագրուած տեսաձայնագրութեամբ։ Հետազօտութեան առարկան եւ փորձաքննութեան նիւթերը հարկ եղած պարագային կրնան ներկայացուիլ միջազգային փորձագէտներու հետազօտութեան:
Այսպէսով, փորձագիտական հետազօտութեամբ հաստատուած է, որ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ազերպայճանի զինուած ուժերը զանգուածային ոչնչացման ու մարդկային մեծաթիւ կորուստի, տառապանքի ու վնասի յանգեցնող քիմիական զէնքով ուղղակի թիրախաւորած են այն բնակավայրերը, ուր կը գտնուէր խաղաղ բնակչութիւնը (պատերազմի օրերուն ու անկէ ետք հրապարակուած էին քիմիական զէնքի կիրարկութեան մասին վկայող շարք մը տեսանիւթեր): Հետեւաբար Ազերպայճան կոպտօրէն խախտած է Ժընեւի համաձայնագրի (Արձանագրութիւն 1) 35-րդ յօդուածը, որու համաձայն՝
«1. Որեւէ զինուած ընդհարման պարագային ընդհարման մէջ գտնուող կողմերու՝ պատերազմելու մեթոտներու եւ միջոցներու ընտրութեան իրաւունքը անսահմանափակ չէ:
2. Կ՚արգիլուի գործածել այնպիսի զէնքեր, արկեր, նիւթեր, ինչպէս նաեւ պատերազմելու այնպիսի մեթոտներ, որոնք կրնան աւելորդ վնասներ կամ աւելորդ տառապանքներ պատճառել:
3. Կ՚արգիլուի կիրարկել պատերազմելու այնպիսի մեթոտներ կամ միջոցներ, որոնք նպատակ ունին շրջակայ միջավայրին պատճառել, կամ, կարելի է ենթադրել, որ կը պատճառեն լայնածաւալ, մնայուն եւ լուրջ վնաս»: