Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Ազգային միասնութեան օրը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը (Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եղբայրը) պարգեւատրած է։ Արքեպիսկոպոսին շնորհուած է «Ալեքսանտր Նեւսքի» շքանշանը։
Կը նշուի, որ օրուան առթիւ՝ Փութին տարբեր գործիչներու պետական եւ նախագահական պարգեւներ յանձնած է՝ ռուս ազգի միասնութեան ամրապնդման մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար։ Պարգեւատրուածներու շարքին են նաեւ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսաստանի պատրիարք Կիրիլը, Ռուսաստանի մահմետականներու հոգեւոր վարչութեան նախագահ մուֆթի Ռաւիլ Կայնուտտինով եւ Ռուսաստանի ռաբունապետ Պեռլ Լազար։