Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փութին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեւանի մէջ ընթացող ՀԱՊԿ-ի համաժողովին՝ անդամ երկիրներու նախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համակողմանի լուծման անհրաժեշտութեան վրայ:

“Համաձայն եմ գործընկերներուս հետ, որոնք խօսեցան այս հարցին եւ հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան համապարփակ լուծման հասնելու ջանքերու վերաբերեալ։ Ի հարկէ, նշուածները սուր հարցեր են, որոնք կը պահանջեն մեր ուշադրութիւնը”,– ըսած է Փութին: Վերջինիս համաձայն՝ Հոկտեմբերի վերջին Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները «լաւ հիմք ստեղծած են սկզբունքային հարցերու շուրջ ապագայ փոխզիջումներու համար»։

“Մի՛այն հետեւողականօրէն յարգելով վերոնշեալ համաձայնութիւնները՝ սահմանազատման, երթեւեկութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ մարդասիրական խնդիրներուն շուրջ, մենք կրնանք հասնիլ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման: Կը յուսանք, որ այդպէսով ի վերջոյ կը յանգինք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան”,– ըսած է ան: