Փութին եւ Փաշինեան քննարկած են Ղազախստանի և Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին և Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 12-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են ու քննարկած՝ Ղազախստան գտնուող խաղաղապահ զօրակազմի աշխատանքի ընթացքը: Կողմերը ընդգծած են այդ երկրին մէջ տիրող կացութեան կարգաւորման նպաստող գործողութիւններու համակարգման անհրաժեշտութիւնը։

Երկուստեք անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ՝ Ռուսաստանի, Ազէրպայճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ կայացած համաձայնութեանց առնչուող հարցեր։

Խմբագրական