Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Քիրկիզստանի մէջ ձերբակալուած է Տինքի սպանութեան առնչուող կասկածեալ մը

Քիրկիզստանի իշխանութիւնները ձերբակալած են Թուրքիոյ քաղաքացի մը, որու նկատմամբ կասկած կայ, որ Պոլսոյ մէջ 2007-ին «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունի։

Լուրը հաղորդած է Քիրկիզստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Նշուած է, թէ անօրէն գաղթականութեան դէմ պայքարի գործողութեան մը ընթացքին, Քիրկիզստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացած է, որ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կեղծ փաստաթուղթեր կ՚օգտագործէ:  Այնուհետեւ 2022 Փետրուար 26-ին յատուկ գործողութիւններու ընթացքին, մայրաքաղաքին մէջ ձերբակալուած է 1984-ի ծնունդ, Թուրքիոյ քաղաքացի Ա.Ի.-ն՝ կեղծ անձնագրով և փաստաթուղթերով։

Հետաքննութեան ժամանակ պարզուած է, որ ձերբակալուած անձը կը հետախուզուի Թուրքիոյ իրաւապահներու կողմէ։ Անոր նկատմամբ Պոլսոյ մէջ հետախուզում յայտարարուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալու, ինչպէս նաև շարք մը այլ ծանր յանցագործութիւններու մեղադրանքով:

Քիրկիզստանի պետական սահմանը ապօրինի անցնելու և փաստաթուղթեր կեղծելու յօդուածներով յարուցուած է քրէական գործ: Փետրուար 28-ին դատարանի որոշումով ան բանտարկուած է Պիշքեքի մէջ: Կասկածեալը առնուազն երկու ամիս բանտը պիտի մնայ։