Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռիշար Ղազարեանի եւ Թեմական պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Ժիլպէր Տէրտէրեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ֆրանսայի թեմին վերաբերող ընթացիկ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Զրուցակիցները անդրադարձած են համայնքային կեանքի աշխուժացման, Եկեղեցի-համայնք կապերու սերտացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ գործակցութեան հեռանկարներուն առնչուող առանցքային հարցերու։
Կողմերը յատուկ կերպով ընդգծած են Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ անփոխարինելի դերը ֆրանսահայ համայնքի հոգեւոր ու մշակութային կեանքէն ներս, շեշտելով անոր առաքելութիւնը՝ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համախմբման նուիրական գործին մէջ։