Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հաստատած է Քրիսթինա Քվինի՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանի պաշտօնին նշանակումը։
Լուրը հաղորդած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանութիւնը։
«Կը շնորհաւորենք դեսպանուհի Քվինը և զինք կը սպասենք Հայաստան»,– նշուած է դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, թէ 2019 Փետրուարէն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանի պաշտօնը կը վարէր Լին Թրեյսի։ Ան իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ աւարտած ըլլալով, այժմ Ռուսաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան նշանակուած է։