Յունիս 15-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Առաքելութեան գիշերը» տարեկան երեկոյթը, որ կը կազմակերպուի հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու համար աշխարհի մէջ հալածանքի կամ խտրականութեան ենթակայ քրիստոնեաներու պարագան,– որոնց ընդհանուր թիւը 2023-ին կազմած է 360 միլիոն,– եւ անոնց օգնութեան ձեռք մեկնելու։ Այս նպատակով կազմակերպուած է դրամահաւաք մը, նիւթական եւ բարոյական արժէք ներկայացնող իրերու աճուրդի մը միջոցով։
Ա.Սէ.Միլանոյի եւ Ֆրանսայի հաւաքականի յարձակող Օլիվիէ Ժիրու, որ նոյնքան ծանօթ է որպէս քրիստոնեայ թունդ հաւատացեալ, որքան ֆութպոլիստ, ընդառաջելով «Espoir pour l’Arménie»-ի գործընկեր « Portes Ouvertes » կազմակերպութեան խնդրանքին՝ աճուրդին համար նուիրած է իր այն մարզաշապիկը, որ կը կրէր 2022-ի Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան քառորդ եզրափակիչին Անգլիոյ հաւաքականին դէմ մրցումին, որմէ յաղթական դուրս եկաւ Ֆրանսա, շնորհիւ նոյնինքն Ժիրուի նշանակած կոլին։
Վաճառքին հասոյթը կը տրամադրուի Espoir pour l’Arménie (Յոյս Հայաստանի համար) կազմակերպութեան՝ յաջակցութիւն ազերպայճանական շրջափակման մէջ գտնուող Արցախահայութեան։