Օգոստոս 24-ին, Կապանի մէջ ծայր առած է օտար պետութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպաններուն տարեկան աշխատաժողովը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ներկայութեան։
Վարչապետը ընդգծած է դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու առանցքային դերն ու նշանակութիւնը եւ անդրադարձած կառավարութեան կողմէ իրականացուող արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Հայաստանի առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն։ Ան յատկապէս մատնանշած է Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրին կարեւորութիւնը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցած են քննարկումներ՝ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերու, առկայ հիմնախնդիրներու եւ անոնց լուծման կարելիութիւններուն շուրջ:
Աշխատաժողովը կը տեւէ մինչեւ Օգոստոս 27։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։