Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Օրորա Մարտիկանեանի յուշագրութեան սպաներէն նորագոյն թարգմանութիւնը

Մեծ Եղեռնի վերապրող Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի (1900-1994) յուշերը, որոնք 1918-ին լոյս տեսած են «Յօշոտուած Հայաստան» (Ravished Armenia) խորագրով, առանձնապէս նշանաւոր եղած են, որովհետեւ անոնց հիմամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ նկարահանուած է համանուն շարժանկարը, որ Ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու առաջին փորձը եղած է եւ ուր վերապրող պարմանուհին ինքզինք մարմնաւորած է։ Շարժանկարը, որ նաեւ ծանօթ եղած է «Հոգիներու աճուրդ» (Auction of Souls) անունով, լայնածաւալ քարոզչութիւն ունեցած եւ տարածուած է ամերիկեան ու եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ։ Գիրքն ալ թարգմանուած է զանազան լեզուներու եւ ունեցած՝ բազմաթիւ հրատարակութիւններ։

«Յօշոտուած Հայաստան» ժապաւէնը, որ այլ անունով Ֆրանսայի մէջ գոյատեւած է մինչեւ 1930-ական թուականները, այնուհետեւ կորսուած է։ Անկէ միայն հատուած մը՝ 15 վայրկեանի տեւողութեամբ, 1994-ին յայտնաբերուած է Հայաստանի մէջ արժանթինահայ հետազօտող Եդուարդ Գօզանլեանի կողմէ։

Օրորա Մարտիկանեանի յուշագրութիւնը ցարդ ունեցած էր սպաներէն երկու թարգմանութիւններ (1919, վերատպուած՝ 1999-ին, եւ 2021)։ Այս տարի, Պուէնոս Այրէսի մէջ, «Էտիար» հրատարակչատունը՝ Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան հովանաւորութեամբ, հրատարակած է «Հոգիներու աճուրդը կամ Յօշոտուած Հայաստան. Օրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» (Subasta de almas o Armenia arrasada: La historia de Aurora Mardiganian) սպաներէն հատորը, Եդուարդ Գօզանլեանի աշխատասիրութեամբ։

Հատորը կը պարունակէ անգլերէն բնագրէն կատարուած նոր թարգմանութիւնը՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ, որ նաեւ գրած է ընդարձակ յառաջաբան մը, ուր ներկայացուցած է Օրորա Մարտիկանեանի ոդիսականը եւ վեր առած՝ Եդուարդ Գօզանլեանի 30-ամեայ պրպտումներուն ու գիւտին արժանիքը։

Ե. Գօզանլեան մանրամասնօրէն ծանօթագրած է Օրորա Մարտիկանեանի պատումը եւ գրած է գիրքին ու շարժանկարին մասին ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը, ուր նաեւ կը նկարագրէ իր հետազօտութիւնը եւ կը պատմէ ցարդ յայտնի հատուածի յայտնագործումին պարագաները։ Ի դէպ, շարժանկարը «Հոգիներու աճուրդը» անունով Պուէնոս Այրէսի մէջ ցուցադրուած է 1920-ին, որուն անդրադարձած է արժանթինեան մամուլը։ Յաւելուածը կը ներկայացնէ շարժանկարին սկզբնական 16 լուսանկարները, ինչպէս եւ աշխատասիրողի արխիւէն բխած ուրիշ արժէքաւոր նիւթեր։ ■