Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երկրի խորհրդարանին մէջ իր ելոյթի ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստանի համար կարեւոր է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Ըստ անոր՝ եթէ Թուրքիան ընէ այդ հիմա, Հայաստանէն կը խլէ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու ամենամեծ դրդապատճառը։
Ան աւելցուցած է, որ Հայաստանի հետ տարբեր մակարդակներու վրայ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։ “Հայաստան մեր երկրին հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով կը ցուցադրէ բաց դիրքորոշում, եւ մենք անկեղծօրէն առաջ կը մղենք մեր համատեղ աշխատանքը”,– յայտնած է Ֆիտան։
Ան, իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հարցին։ Ֆիտան անոր կարեւորութիւնը ընդգծելով՝ ըսած է, թէ այդ միջանցքը կը գտնուի Հայաստանի մէջ, բայց Ազերպայճան կը պահանջէ զայն։
***
«ՆՅ» — Հետաքրքրական է,– չըսելու համար ընդվզեցուցիչ կամ մտահոգիչ,– որ հակառակ Ուաշինկթընեան համաձայնութիւններուն, ուր ամրագրուած են, ի միջի այլոց, երկու կողմերուն՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան սկզբունքները, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը կը յանդգնի ըսել նման բան։ Արդարեւ աւելի ի՞նչ բան կրնայ հակասել հողային ամբողջականութեան, քան հողային պահանջը կամ անոր յիշատակումը։ Եւ դեռ զանց կ՚առնենք այդ պահանջուող հողին տրուած օտար անուանումը՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, զոր կը յամառին գործածել Ազերպայճանի ու Թուրքիոյ բարձրաստիճան դէմքերը։
Վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի տարածքին գտնուող ենթակառոյցներու անուանումները իրաւասու է որոշելու միայն Հայաստանը, խուսափելով վէճի մէջ մտնել «Ազերպայճանի պահանջ»-ի մասին թուրք նախարարին յայտարարութեան շուրջ։
“Հայաստանի մէջ կայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» եւ կայ TRIPP նախագիծը, որեւէ այլ եզրաբանութիւն չի վերաբերիր Հայաստանի Հանրապետութեան”,– ըսած է վարչապետը։
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագրով կը սահմանուի «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագիրը։ Վարչապետը նշած է, որ այդ ծրագիրը «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի բաղկացուցիչ մասն է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նոյնպէս արձագանգած է Ֆիտանին։ Ան նշած է, որ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ սահմանի բացումը իսկապէս կարեւոր են Հայաստանի համար, ինչպէս կարեւոր է Ազերպայճանի հետ խաղաղութիւնը։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին՝ Ֆիտանի տրամաբանութեան տրամագծօրէն հակառակ մօտեցումով՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. “Եթէ անպայմանօրէն փորձենք անոնց միջեւ պատճառահետեւանքային կապ տեսնել, գուցէ պարզուի, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումը կրնայ ոչ թէ բացասաբար, այլ ճիշդ հակառակը՝ դրականօրէն անդրադառնալ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացին վրայ”։
Ինչ կը վերաբերի ճամբաներու ապաշրջափակման՝ Միրզոյեան յիշեցուցած է Ուաշինկթընի մէջ համաձայնութեան արժանացած սկզբունքները՝ հողային ամբողջականութիւն, սահմաններու անխախտելիութիւն, ինքնիշխանութիւն, իրաւազօրութիւն եւ փոխադարձութիւն։