ՖԻՖԱ-2026-ի խորհրդանշանները

Ֆութպո­լի 2026-ի Հա­մաշ­խարհա­յին բա­ժակի մրցա­շար­քը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ երեք երկրի` Միացեալ Նա­հանգնե­րու, Գա­նատա­յի եւ Մեք­սի­քայի մէջ, Յու­նիս 11-էն Յու­լիս 19։

Ֆութպո­լի հա­մաշ­խարհա­յին դաշ­նակցու­թիւնը՝ ՖԻ­ՖԱն կա­տարած է իր ընտրու­թիւնը ինչ կը վե­րաբե­րի վե­րոն­շեալ երեք եր­կիրնե­րու յա­տուկ երեք խորհրդան­շաննե­րուն։ Գա­նատան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ եղ­ջե­րու մը` Մէյ­փըլ անու­նով: Մեք­սի­քայի խորհրդա­նիշը ամե­րիկեան յո­վազ Զա­յուն է, իսկ Միացեալ Նա­հանգնե­րու­նը՝ Քլաչ անու­նով ար­ծի­ւը:

Թրամ­փի աւան­դա­կան «ան­հա­մու­թիւն»-նե­րը

Միւս կող­մէ, ինչպէս գրե­թէ բո­լոր ոլորտնե­րու մէջ, Թրամփ հոս եւս չէ կրցած չմի­ջամ­տել, այդպէ­սով յա­ռաջաց­նե­լով թէ՛ դժգո­հու­թիւն, թէ՛ մտա­հո­գու­թիւն։ Բանն այն է, որ ԱՄՆու նա­խագա­հը սպառ­նա­ցած է աւան­դա­բար իրեն ընդդի­մադիր քա­ղաք­նե­րը, ինչպէս՝ Լոս Ան­ճը­լըսը, Սան Ֆրան­սիս­քօն եւ Սիէթը­լը, յայ­տա­րարե­լով որ կրնայ զա­նոնք զրկել մրցումներ հիւ­րընկա­լելու իրա­ւունքէն, ապա­հովա­կան անհրա­ժեշտ երաշ­խիքներ չներ­­կա­յաց­նե­լու պատ­րուակով: ■