Ազերպայճանի մէջ կրկին հակաֆրանսական ջլախտային (hystérique) մթնոլորտ կը տիրէ։
Ազերպայճանական լրասփիւռներուն համաձայն՝ Մայիս 7-ին յայտնի դարձած է, որ Ֆրանսայի մէջ Ազերպայճանի դեսպանը չէ հրաւիրուած Փարիզի ազատագրման 80-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան:
Նոյն աղբիւրները կը հաղորդեն, թէ հրաւէրներ ուղարկուած են երկրին մէջ հաւատարմագրուած բոլո՛ր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, բացառութեամբ Ազերպայճանի։
* * *
Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով ըսած է, թէ Պաքուէն ստացուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Ալիեւ մերժած է նախագահ Փութինի հրաւէրը եւ պիտի չմասնակցի Մայիս 9-ի տօնակատարութեանց։
Ըստ Ուշաքովի՝ Պաքու իր առաջնորդին Մոսկուա չմեկնիլը բացատրած է «Հայտար Ալիեւին նուիրուած ձեռնարկներու մասնակցութեամբ»։
Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատած է, թէ Մայիս 9-ին կը մասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք տօնակատարութիւններուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։