Արցախի շրջափակման 150-րդ օրուան կապակցութեամբ Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն-Լոռանս Փեթել թուիթ մը հրապարակած է իր էջին՝ տեսանիւթով մը, ուր ֆրանսացի բազմաթիւ երեսփոխաններ կը դատապարտեն Արցախի բնակչութեան շրջափակումը եւ կը յայտնեն իրենց զօրակցութիւնը։
Իր թուիթին մէջ Փեթել կը գրէ.
«150 օրէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի 120.000 Հայերը կտրուած են աշխարհէն Ազերպայճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով։
Ի տես մարդասիրական այս աղէտին՝ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբը զօրաշարժի ենթարկուած է՝ ահազանգ հնչեցնելու համար»։