2023 Սեպտեմբեր 19-ին Ազերպայճան լայնածաւալ յարձակում գործեց Արցախի Հանրապետութեան վրայ՝ թիրախաւորելով քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ ենթակառոյցները, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր։ Ստեփանակերտ, Ասկերան, Մարտակերտ եւ այլ բնակավայրեր ենթարկուեցան ռմբակոծման։ Տասը ամիս տեւած ամբողջական շրջափակումէն ետք՝ ազերպայճանական բանակը բռնակցեց Արցախը, ինչ որ յանգեցուց աւելի քան 100.000 արցախահայերու բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտման։
Այս ողբերգական իրադարձութիւնները յիշելու եւ անոնց քաղաքական եւ իրաւական հետեւանքները քննարկելու նպատակով Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Սեպտեմբեր 18-ին տեղի կ՚ունենար խորհրդաժողով մը «Արցախ (Լեռնային Ղարաբաղ). ցեղային զտումէն երկու տարի ետք» բնաբանով։
Խորհրդաժողովին նախաձեռնողն է Լուառի երեսփոխան, Ֆրանսա—Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Էմանիւէլ Մանտոն։ Նախատեսուած էր մասնակցութիւնը քաղաքական, հետազօտող եւ մտաւորական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, ինչպէս՝ Զաւիէ Պերթրանի, Փասքալ Պրիւքների, Վենսան Տիւքլէռի, Ռեմի Ֆեռոյի, Ռընօ Ժիրարի, Յովհաննէս Գէորգեանի, Առնօ Նկաչայի եւ Տիգրան Եկաւեանի։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։