Ֆրանսայի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը Օգոստոս 8-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ կ՚ողջունէ նոյն օրը Ուաշինկթընի մէջ, նախագահ Թրամփի հովանաւորութեամբ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ կնքուած համաձայնութեան յայտարարութիւնը։
«Միացեալ Նահանգներու միջամտութեան շնորհիւ գոյացած արդիւնքները որոշիչ յառաջդիմութիւն կը նշանակեն: Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին շուտափոյթ ստորագրումն ու վաւերացումը հնարաւոր կը դարձնեն սոյն հոլովոյթին կատարելագործումը: Այս համածիրին մէջ Փարիզ կ՚աջակցի կողմերու՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման գործողութիւնը սկսելու միացեալ կոչին:
Հայաստանի ու Ազերպայճանի յարաբերութիւններուն բնականոնացումը, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան կապերու զարգացումն ու սահմաններու վերաբացումը՝ 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրով սահմանուած՝ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան յարգանքի սկզբունքներու հիման վրայ, կարելիութիւն պիտի ընձեռեն, որ Հարաւային Կովկասը դառնայ խաղաղութեան ու բարգաւաճման գօտի՝ ի բարօրութիւն տարածաշրջանի բնակչութեան։
Ֆրանսա պիտի շարունակէ հետագային եւս աշխուժօրէն մասնակցիլ խաղաղութեան գործընթացին»,– ընդգծուած է Ֆրանսայի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։