Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, Ծերակոյտի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք, հանդիպում մըն ալ ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Եաէլ Պրաուն-Փիվէի հետ։
Կողմերը, ի միջի այլոց, անդրադարձած են տարածաշրջանային խնդիրներուն՝ այդ համածիրին մէջ մատնանշելով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ արդէն համաձայնութեան արժանացած պայմանագրի ստորագրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ալէն Սիմոնեան իր ֆրանսացի պաշտօնակցուհիին ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու հարցին վրայ, ընդգծելով նաեւ անհետացած զինուորներուն պարագան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։