ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի շփումները Փարիզի մէջ

Վահան Կոստանեան (ձախին)՝ Պենժամէն Հատտատի հետ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան աշխատանքային այցով ժամանած էր Փարիզ, ուր ան ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ։

Սեպտեմբեր 15-ին, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական հարցերու պատասխանատու նախարար Պենժամէն Հատտատի հետ հանդիպումին՝ կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ի տես Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, քննարկած են յառաջիկայ ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ընդգծած ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման կարեւորութիւնը

Հանգամանալից քննարկուած է Հայաստանի՝ եւրոպական համարկման խորացման հետագայ հեռանկարները եւ այս համածիրին մէջ՝ ՀայաստանՖրանսա գործակցութեան կարելիութիւնները

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ 2026-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի կազմակերպման:

Վահան Կոստանեան զրուցակցին ներկայացուցած է Օգոստոս 8-ի Ուաշինկթընեան համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան սահմանակարգման Հայաստանի տեսլականը

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի այժմէական հարցերու շուրջ:

Յաջորդ օր, Կոստանեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահի Մայրցամաքային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հարցերու խորհրդական Պերթրան Պուշվալթերի հետ։ Խորհրդակցական հանդիպում մըն ալ ունեցած է Արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի տնօրէնութեան ղեկավար Պրիս Ռոքֆէօյի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Նոյն օրը՝ Սեպտեմբեր 16-ին Կոստանեան մասնակցած է Միջազգային յարաբերութիւններու ֆրանսական հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան տարածաշրջանային եւ ընդհանուր աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու կիզակէտին» խորագրով կլորսեղան քննարկման, որուն մասնակցած են փորձագէտներ, Ֆրանսայի տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, դիւանագէտներ։ Քննարկումը վարած է Միջազգային հարաբերութիւնների ֆրանսիական Հիմնարկի հիմնադիրնախագահ Թիերի տը Մոնպրիալ։