«Ֆրանսա-Հայաստան. պատմական եւ մշակութային երկխօսութիւն» խորագրով երկօրեայ միջազգային գիտաժողովի (Ապրիլ 29–30) ծիրէն ներս, Հայաստանի Ազգային գրադարանը՝ յանձին տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի, եւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը՝ յանձին նախագահ Ժիլ Փեքուի, ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր մը, նպատակ ունենալով զարգացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ հաստատել նոր համագործակցութեան ոլորտներ գրադարանային աշխատանքի եւ առնչուող բնագաւառներու մէջ:
Յուշագրի ստորագրութեան արարողութեան ներկայ եղած է դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։
***
Նոյն գիտաժողովի շրջանակին մէջ, Աննա Չուլեան Հայաստանի ազգային գրադարանի 105-ամեակի կրծքազարդեր պարգեւած է Ժիլ Փեքուին, Ֆրանսայի Ռոմանի շրջանի երաժշտութեան եւ պարի ազգային դպրոցի տնօրէն, գիտաժողովի բանախօս Ալեքսանդր Սիրանոսեանին եւ Ֆրանսայի Ազգային ժառանգութեան հիմնարկի տնօրէն Շառլ Փերսոնազին։
105-ամեակի արծաթեայ կրծքազարդերը պատրաստուած են Թամանեանական շէնքի մուտքի կամարի յաւերժութեան խորհրդանիշի ձեւաւորման նմուշով։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։