Հայաստանին ու Արցախին իր զօրակցութիւնը ամէն առիթով արտայայտող Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Լեռնային Ղարաբաղի տեղեկատուական խումբի նախագահ, ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթեյոյի եւ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի հրաւիրած շուրջ հարիւր առանձնաշնորհեալներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Տիգրան Եկաւեանի եւ Էրիք Տենեսէի համահեղինակութեամբ նոր լոյս տեսած «Սեւ մատեան»-ի ներկայացումը, որ Արցախի նուիրուած հատոր մըն է։
Այս առիթով Ծերակոյտը կազմակերպած էր նաեւ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը» նիւթով քննարկում մը, որ կը վայելէր անոր նախագահ Ժերար Լառշէի բարձր հովանաւորութիւնը։
Բացման խօսքը արտասանեց Ռըթեյօ, որ իր կուռ ելոյթին մէջ կոչ ըրաւ փրկելու Հայաստանը եւ առանց բառերը ծամծմելու «ստորնութիւն» որակեց Ֆրանսայի, Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի կեցուածքը՝ գոյութենական իսկ սպառնալիքի ենթակայ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։
Յաջորդեց քննարկումը, որուն սկիզբը արտայայտուեցաւ Տիգրան Եկաւեան։ Քննարկումին մասնակցեցան աստուածաբան, պատմաբան, գրող եւ հրատարակիչ Ժան-Ֆրանսուա Գոլոզիմօ, «Էօվր տ՚Օռիան»-ի նախագահ Փասքալ արք. Կոլնիշ, ծերակուտական Մարի-Առլէթ Գարլոթի, եւրոերեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի,– որ անցեալ շաբաթ, ազերպայճանական յարձակումը խստօրէն դատապարտող պատմական ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ,– պատմաբան եւ աշխարհաքաղաքագէտ Ժերար Շալեան, լրահաւաքութեան բնագաւառի մասնագէտ Էրիք Տենեսէ։
Եթէ ամփոփ գիծերու մէջ նշելու ըլլանք՝ այս քննարկումին առանցքային պատգամն էր՝ ժողովուրդներու՝ իրե՛նց հողերուն վրայ, իրե՛նց ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը։ Բնականաբար, բուռն դատապարտման արժանացաւ Ազերպայճան,– անոր հետ նաեւ՝ Թուրքիա,– Արցախի ու Հայաստանի նկատմամբ իր յարաճուն թշնամական տրամադրութիւններուն ու դատապարտելի, բայց եւ այնպէս ցայսօր անպատիժ մնացող վարքին համար։
Քննարկումի աւարտին խօսքը տրուեցաւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի։ Ան անգամ մը եւս համոզումով պաշտպանեց Լեռնային Ղարաբաղի դատը, որ պատմականօրէն հիմնուած է՝ անոր ժողովուրդին պաշտպանութեան իրաւունքին վրայ, ընդդէմ յանցագործ պետութեան մը։
Անոր յաջորդեց տիկին Տոլմաճեան, որ կոչ ուղղեց զօրակցելու Հայաստանին։
Երեկոյթի եզրափակիչ խօսքը, Ժերար Լառշէի անունով արտասանեց Քրիսթիան Գամպոն։ Ան կարդաց Ծերակոյտի նախագահին զօրակցութեան խօսքը, ուր վերջինս կը վերահաստատէր իր ամբողջական աջակցութիւնը Հայաստանին եւ կը դատապարտէր թուրք-ազերպայճանական յարձակումը:
Ձեռնարկին ներկայ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու մէջ կային մեծ թիւով Հայ դատի բարեկամներ, ինչպէս ծերակուտական Վալերի Պուայէի եւ լրագրող Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն։
Երեկոյթը վերջ գտաւ բարեկամութեան բաժակի մը շուրջ, որ ներկաներուն կարելիութիւն ընձեռեց միտքեր փոխանակելու՝ քննարկումի ընթացքին արտայայտուած կարծիքներուն շուրջ։
Թ.Շ.