Երկուշաբթի, Փետրուար 21-ին Ավինիոնի Agricol Perdiguier զբօսապարտէզին մէջ ոգեկոչուած է Միսաք Մանուշեանի եւ անոր 22 ընկերներուն գնդակահարման 78-րդ տարելիցը, յուզիչ արարողութիւնով մը։
Նախ Ժան-Քրիսթոֆ Մինասեան կարդացած է Միսաք Մանուշեանի՝ իր կնոջ՝ Մելինէին յղած շատ գեղեցիկ նամակը, ապա յաջորդած են Ավինիոնի եւ շրջանի ֆրանքեւհայկական ընկերակցութեան (AFAAR) նախագահուհի Վերոնիք Պրիւնա-Մարտոյեանի, Ավինիոնի քաղաքապետուհի Սեսիլ Հելի եւ վերջապէս Վոքլիւզի փոխնահանգապետին ելոյթները, մինչ ենթախորքին պարզուած էին Կարմիր որմազդի առջեւի եւ ետեւի երեսները:
Այնուհետեւ կարդացուած են Ֆրանսայի համար նահատակուած 23 գնդակահարուածներուն «անարտասանելի» անունները, քանի որ անոնք՝ գրեթէ բոլորն ալ օտար ծագումով դիմադրականներ էին։ Փարթիզաններու երգով, նահատակներու ղօղանջով եւ վերջապէս պետական փառերգով վերջ գտած է հանդիսութիւնը, որ այսուհետեւ պիտի դառնայ ամէնամեայ։ Տիկին Պրիւնա-Մարտոյեան եւս,– ինչպէս իրմէ առաջ՝ տարիներէ ի վեր բազմաթիւ ուրիշներ,– մաղթած է, որ Մանուշեանի խումբը արժանանայ Պանթէոն մուտք գործելու։
Նշենք, որ այս նոյն զբօսայգիին մէջ 2016-ին բացումը կատարուած էր Միսաք Մանուշեանի կիսանդրիին, ի յարգանս անոր եւ ընկերներուն յիշատակին։