Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներէ բաղկացած աշխատանքային խումբի անդամներուն հետ՝ Ողիմպիական եւ Փարալիմփիք խաղերու միջնախարարական պատուիրակ Փիէր—ԱնթուանՄոլինայիգլխաւորութեամբ։
Այս հանդիպումին նպատակն էր Փարիզ 2024-ի Խաղերու եւ ընդհանրապէս միջազգային մարզական մեծ միջոցառումներու ֆրանսական փորձառութիւնը բաժնել հայկական կողմին հետ, Հայաստանի մէջ 2027-ին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան խաղերուն ընդառաջ:
Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ իրենց համար այդ փորձառութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի՝ հետագայ աշխատանքները բարձր մակարդակով իրագործելու համար:
Փիէր—Անթուան Մոլինա ընդգծած է, որ իրենք պատրաստ են տրամադրելու թեքնիք եւ գործնական օժանդակութիւն իրենց հայ գործընկերներուն:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մէջ խաղերու հեռանկարով ցայժմ կատարուած աշխատանքներուն ու հետագայ քայլերուն։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։