Ֆրանսական Զարգացման Գործակալութիւնը նոր գրասենեակ բացաւ Երեւանի մէջ

Ֆրանսա­կան Զար­գացման Գոր­ծա­կալու­թիւնը (AFD) Երե­ւանի «Երե­ւան Փլա­զա» պան­դո­կին մէջ պաշ­տօ­նապէս բա­ցաւ իր նոր գրա­սենեակը։ Բաց­ման արա­րողու­թեան ներ­կայ էին ՀՀ-ի մէջ Ֆրան­սա­յի դես­պան Օլի­վիէ Տը­քոթին­յին, AFD-ի տա­րածաշրջա­նային տնօ­րէն Մա­թիէօ Վա­սիէօրը եւ հայ պաշ­տօ­նատար­ներ։

2013-էն ի վեր Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող AFD-ն մինչ օրս տրա­մադ­րած է 555 մի­լիոն եւ­րօ վարկ եւ մօտ 30 մի­լիոն եւ­րօ աջակ­ցութիւն։ Գոր­ծա­կալու­թեան ծրագ­րե­րը կը կեդ­րո­նանան կլի­մայի փո­փոխու­թեան դէմ պայ­քա­րի, ջրա­յին պա­շար­նե­րու կա­յուն կա­ռավար­ման, ու­ժա­նիւ­թա­յին ան­ցումի եւ հան­րա­յին ֆի­նանսնե­րու բա­րելաւ­ման վրայ։

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ՝ Հա­յաս­տա­նի Ելմտա­կան նա­խարա­րի տե­ղակալ Էտ­կար Մկրտչեան նշեց, որ նոր գրա­սենեակի բա­ցու­մը կը վկա­յէ Ֆրան­սա­յի վստա­հու­թեան մա­սին՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ ըն­թա­ցող բա­րեփո­խումնե­րուն նկատ­մամբ, եւ պի­տի արա­գաց­նէ հա­մատեղ ծրագ­րե­րու իրա­կանա­ցու­մը։

Օլի­վիէ Տը­քոթին­յի շեշ­տեց, որ Ֆրան­սա­յի աջակ­ցութիւ­նը Հա­յաս­տա­նին կա­յուն է եւ ան­վե­րապահ։ Ան յի­շատա­կեց Վե­դիի ջրամ­բա­րի կա­ռու­ցումը՝ որ­պէս յա­ջող օրի­նակ եւ նման­ցուց հա­մագոր­ծակցու­թիւնը «ֆիլմ»-ի մը, ուր տար­բեր կա­ռոյցներ կը լրաց­նեն զի­րար։

Մա­թիէօ Վա­սիէօր անդրա­դար­ձաւ իրա­գոր­ծուած ծրագ­րե­րուն, ինչպէս՝ ջրա­յին հա­մակար­գի բա­րելա­ւու­մը եւ բնա­կարա­նային գան­ձատրու­մը 17.000 ըն­տա­նիք­նե­րու հա­մար։ Ան նաեւ նշեց, որ յա­ռաջի­կային պի­տի իրա­կանա­ցուի WAIDA ծրա­գիրը՝ գիւ­ղատնտե­սու­թեան զար­գացման նպա­տակով։

Անոր կար­ծի­քով՝ տա­րածաշրջա­նային եւ մի­ջազ­գա­յին խրթին պայ­մաննե­րու տակ, հա­մատեղ յանձնա­ռու­թիւնը՝ կա­յուն, նե­րառա­կան եւ տո­կուն զար­գացման գոր­ծին մէջ, լիար­ժէք իմաստ կը ստա­նայ։ Ըստ իրեն՝ գրա­սենեակը լոկ աշ­խա­տավայր մը չէ, այլ ան կը հան­դի­սանայ հա­մագոր­ծակցու­թեան շա­րու­նա­կակա­նու­թեան, մտեր­մութեան եւ վստա­հու­թեան խորհրդա­նիշը։ Ֆրան­սա­կան կող­մը զայն նա­խագ­ծած է իր գոր­ծընկեր­նե­րը ըն­դունե­լու հա­մար, որոնց ներ­կա­յու­թիւնը միշտ ողջունելի պիտի ըլլայ նորաբաց գրասենեակին մէջ։ ■